Ամերիկայի մէջ ուսանող թուրք երիտասարդի մը կողմէ բացուած դատին որպէս հետեւանք, Ամերիկայի Մինեսոթա համալսարանը ջնջած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող կայքէջերու վրայ դրուած արգելքը:


Մինեսոթայի համալսարանին տեսչութեան կողմէ Ցեղասպանութիւնը ժխտող կայքէջերու դէմ դրուած արգելքը ջնջել տալու համար թուրք ուսանողը դատի դիմած էր: Դեռ դատական գործընթացը չաւարտած՝ համալսարանի տեսչութիւնը ջնջած է այդ արգելքը: Թրքական կողմը կը սպասէ որ դատարանի վճիռով ալ հաստատուի թրքանպաստ այս զարգացումը:
Նշենք, որ Մինեսոթայի համալսարանի «սեւ ցուցակ»ին վրայ էին Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտող կայքէջերը: