Կիրակի 9 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հալէպի մէջ Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին դիմաց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած պայթուցիկ տակառի մը պայթումին հետեւանքով զոհուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի պահակ Նազարէթ Մալճեանը (1965-ի ծնունդ):

Այս լուրը կը տեղեկացուի Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։

Հանգուցեալին թաղմանական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: