Աւելի քան մէկ տարի տեւած շինարարական աշխատանքներէ յետոյ երէկ վերաբացուեցաւ Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:
Կիրակի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, շուրջ 2500 հայերու մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան: Պատարագը մատուցուեցաւ Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն եւ ոստիկանութեան հսկողութեան տակ:


Յատկանշական էր եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ թրքական դրօշներու չգոյութիւնը, մինչդեռ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բացման օրը եկեղեցւոյ շրջակայքը բարձրացուած էին թրքական դրօշներ:
Շաբաթ գիշեր ընթրիք կայացաւ՝ Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի եւ Սուրիի քաղաքապետի ներկայութեան: Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանն ու Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը պարգեւատրեցին երկու քաղաքապետները:
Ս. Կիրակոսի վերանորոգման համար ծախսուած է 3.4 միլիոն տոլար, որուն 70%ը տրամադրած է Պոլսոյ հայ համայնքը եւ 30%ը Տիգրանակերտի քաղաքապետութիւնը: