Հոկտեմբեր 23ին լոյս տեսաւ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի չորս էջերէ բաղկացած յաւելուածական հրատարակութիւնը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայաստանի:
Երկրի տնտեսական բնագաւառին, զարգացման հնարաւորութիւններուն եւ արագընթաց փոփոխութիւններուն նուիրուած յօդուածներով, հետազօտական գրութիւններով, ճոխ լուսանկարներով եւ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով ամբողջացած թղթածրարը, պատշաճ ներկայացում մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ իր ապագայի հնարաւորութիւններուն: