Պոսթընի մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ “Հայրենիք“ շաբաթաթերթի 115-ամեակը, Աւօ եւ Քարմէն Պարմաքեաններու բնակարանէն ներս: 

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն կողքին, նաեւ ներկայ էին այլ միութիւններու եւ հիմնարկներուն երկայացուցիչներ: Ներկաներուն թիւը կը գերազանցէր 150-ը:
Օրուան բանախօս՝ դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան յուշեր պատմեց “Հայրենիք“-էն, յատկապէս քաղաքի կեդրոնէն ներս գտնուող նախկին կեդրոնէն՝ 212 Stuart Street հասցէի վրայ օրերէն: Յովհաննէսեան շեշտեց թէ “Հայրենիք“ թերթի կողքին, յատկապէս յիշատակելի էր քանի մը տասնեակ տարիներ հրատարակուած ամսագրերը, որոնք իրենց բովանդակութեամբ, ցայսօր մեծ կարեւորութիւն ունին եւ շարունակ զանազան ուսումնասիրութիւննե- րու աղբիւր կը հանդիսանան:
Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որպէսզի շարունակեն իրենց թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական օժանդակութիւնը թերթը պահելու եւ յարատեւելու համար: Կարճ պատմականով մը, նաեւ ան ներկայացուց “Հայրենիք“ի անգլերէն բաժնի ծնունդը՝ “Արմինիըն Ուիքլի“ն, որ իր կարգին այս տարի կը տօնէ իր 80-ամեակը:
Ապա, Աւիկ Տէրենց արտասանեց “Հայրենիք“ին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը: Բեմ հրաւիրուեցաւ Թոմ Վարդապետեանը, որ լրագրութեան մարզէն ներս, տարիներ շարունակ ծառայած է: Ան իր սրտին խօսքը փոխանցելէ ետք, այս յիշատակելի օրուան առթիւ, Միտըլսեքս շրջանի շէրիֆ՝ Փիթըր Գութուճեանի կողմէ, “Հայրենիք“ի 115-ամեակն ու “Արմինիըն Ուիքլի“ի 80-ամեակը նշող յատուկ յուշատախտակներ յանձնեց:
Ապա բեմ հրաւիրուեցան երկու թերթերուն խմբագիրները՝ Նանօր Պարսումեան (“Արմինիըն Ուիքլի“) եւ Զաւէն Թորիկեան (“Հայրենիք“), որոնք փոխանցեցին իրենց սրտին խօսքը:
Այս առթիւ, պարգեւատրուեցան տարիներ շարունակ ծառայած հետեւողական աշխատակիցներ՝ Կարիս Զերտէլեան (“Հայրենիք“), Մայքըլ Մենսոյեան (“Արմինիըն Ուիքլի“) եւ տոքթ. Հենրի Ասթարճեան (միասնաբար՝ “Հայրենիք“ եւ “Արմինիըն Ուիքլի“): Անոնք ստացան , Հրայր Բազէի լոյս ընծայած կոթողական ալպոմը՝ նուիրուած հայկական եկեղեցիներուն:
“Ազատ Օր”-ը կը շնորհաւորէ իր պաշտօնակից՝ “Հայրենիք” շաբաթաթերթի պատկառելի տարիքը՝ մաղթելով յարատեւ ու բեղուն գործունէութիւն: