ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ երկար տարիներէ ի վեր լքուած եւ ժամանակի աւերին դիմաց փլատակ վիճակ կը պարզէր, ներկայիս իր նախկին փառաւոր տեսքով հիմնական նորոգութեան ենթարկուած է եւ այս շաբաթ կը վերաբանայ իր դռները հայ ժողովուրդի պաշտամունքին առջեւ։


Շինարարները յայտնած են, որ եկեղեցին այնքան ամուր ձեւով վերանորոգուած է որ կրնայ 40 տարի կանգուն մնալ, առանց նորոգութեան կարիքի։
Պոլիսէն եւ արտասահմանէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ բազմաթիւ հայեր, մասնաւորաբար տիգրանակերտցիներ, մասնակցութիւն պիտի բերեն եկեղեցւոյ օծման եւ Ս. պատարագի արարողութիւններուն։
Արարողութիւններուն մասնակցող բարձրաստիճան հոգեւորականներուն շարքին են՝ Պոլիսէն՝ բնիկ տիգրանակերտցի Արամ արք. Աթէշեան, Սահակ եպս. Մաշալեան, Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեան, իսկ արտասահմանէն՝ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Ամերիկայի եկեղեցեաց նախագահ Վիգէն արք. Այքազեան, Հալէպի առաջնորդ Շահան արք. Սար- գիսեան, Աւստրալիոյ առաջնորդ հայր Հայկազուն Նաճառեան, ինչպէս նաեւ քահանայ հայրեր եւ մօտաւորապէս 16-25 սարկաւագներ։
Արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերեն Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշի ներկայացուցիչը, Շիշլիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ փոխ քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, յունաց պատրիարքի ներկայացուցիչը եւ քոյր եկեղեցիներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։
Նախատեսուած է, որ աւելի քան 1000 հոգի ներկայութիւն բերէ արարողութիւններուն: Արտասահմանէն պիտի ժամանեն նաեւ բազմաթիւ բարերարներ, որոնց կարգին՝ Ճիղէրճեան, Չէմպէրճեան եւ ուրիշներ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22ին, եկեղեցւոյ օծումը պիտի կատարուի ժամը 4:30ին։ Հինգ եպիսկոպոսներ խորանին վրայ պիտի օծեն եկեղեցւոյ հինգ խորանները։
Հոկտեմբեր 23ին, եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. պատարագ՝ ձեռամբ Արամ արք. Աթէշեանի։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երգչախումբի 40 անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի ու երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Պիտի իրականացուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ: