Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ն կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը պիտի այցելէ Թուրքիա: Ըստ թրքական աղբիւրին կողմէ հաղորդուած տուեալներուն, նշեալ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 Նոյեմբերին:

Այցելութեան առիթը Քրիստոսի աշակերտներէն Ս. Անդրէասի յիշատակի արարողութիւններն են: Ս. Անդրէաս կը նկատուի յունական պատրիարքութեան հիմնադիրը:
Այցելութեան նպատակը շրջանին մէջ կրօններու երկխօսութեան կարեւորութիւնը ընդգծելն է: Պապը մտադիր է այցելութեան ընթացքին Իրաքի մէջ հալածուող քրիստոնեաներուն առ ի պաշտպանութիւն կեցուածք մը արտայայտել: Պապը հանդիպում պիտի ունենայ յոյն տիեզերական պատրիարքին հետ Ֆանարի մէջ:
Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք Ֆրանչիսկոս պապը կրնայ նաեւ Հայաստան այցելել: