Ժ
ողովին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի նախագահը
Ուելսի Նիւփորթ քաղաքին մէջ բացուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, ուր կը մասնակցին ՆԱԹՕ-ի անդամ 28 պետութիւններու առաջնորդներ, ինչպէս եւ գործընկեր երկիրներու ղեկավարներ՝ ընդհանուր թիւով 60 պետութեան նախագահներ եւ կառավարութեան ղեկավարներ: Ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Ճոն Քերի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ՝ քննելով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր։
Քերիի հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ: Քերի իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս ընդգծեց հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանքի բացակայութիւնը, իրավիճակի լարումին բացառումը, ապա կոչ ըրաւ գտնելու միջոցներ՝ հակամարտութեան սրումին առաջքը առնելու եւ կողմերուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու համար:
Քերի կարեւոր համարեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցութիւններու շարունակումը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու հիմնախինդրի խաղաղ կարգաւորման ուղիներու որոնման: Ան միաժամանակ ընդգծեց, թէ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար, չափազանց կարեւոր է կողմերու քաղաքական կամքը:
Հանդիպում՝ Հոլանտի հետ
Նախապէս, Սարգսեան հանդիպում մը ունեցած էր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ: Երկու նախագահները գոհունակութեամբ խօսած էին հայ-ֆրանսական քաղաքական բարձր մակարդակի համագործակցութեան մասին: Անոնք անդրադարձած էին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, ներառեալ՝ Արցախի հակամարտութեան եւ ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպման:
ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն կÿիմանանք թէ ՀՀ նախագահը հանդէս պիտի գայ ելոյթով: «ՆԱԹՕ-Անվտանգութեան աջակցութեան միջազգային ուժեր ձեւաչափով վերջին այս հանդիպմանը կÿամփոփուեն Աֆղանստանում միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերի առաքելութեան արդիւնքները եւ կը նախանշուեն նոր՝ «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան ուղղութիւնները: Հայաստանը, 2010 թուականից ի վեր լինելով միջազգային այդ առաքելութեան մասնակից եւ միջազգային ուժերի կազմում տեղակայելով մինչեւ 126 հոգանոց զօրախումբ, իր ներդրումն է ունեցել Աֆղանստանում անվտանգութեան ու ներազգային համերաշխութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող միջազգային հաւաքական ջանքերին եւ յանձնառու է շարունակելու մասնակցութիւնը նոր առաքելութեան շրջանակում»,- գրուած է: