«Գանձասար» կը հաղորդէ  թէ Կիրակի, 31 Օգոստոին, Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը նախագահ Պաշշար Ալ Ասատին դիմաց, կատարեց իր սահմանադրական երդումը, գլխաւորութեամբ՝ վարչապետ Ուաէլ Ալ Հալաքիի, ուր խոստացաւ անվերապահօրէն կատարել սահմանադրութեան պահանջներն ու ծառայել ժողովուրդին:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի 273 թուակիր հրամանագրով կազմուած Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը՝ Ուաէլ ԱլՀալաքիի գլխաւորութեամբ, կ՛ընդգրկէ 35 նախարար։ Բնապահպանութեան նախարարութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով վստահուած է մասնագիտութեամբ քիմիագէտ հայազգի Նազիրա Ֆարահ Սարգիսին։
Կառավարութեան երդմնակալութեան արարողութենէն ետք, նախագահ Ասատ կառավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին շեշտեց, թէ երկրէն ներս տիրող դժուարութիւններուն լոյսին տակ անգամ, նոր կառավարութիւնը պէտք է ունենայ նոր տեսիլք, օժտուի նոր ծրագիրներով եւ գործելաոճով ու վերացնէ նախորդ շրջանի բացասական երեւոյթները, միշտ նկատի ունենալով ժո- ղովուրդին ծառայելու եւ անոր դժուարութիւնները փառատելու առաջնահերթութիւնը։
Անփոփոխ մնացած են արտաքին գործոց, պաշտպանութեան նախարարները: