Գործարար Եասմինա Ազհարի, որ հռչակաւոր «Ֆորպս» ամսագրին կողմէ երկու անգամ յիշատակուած է Արաբական աշխարհի ամենէն ազդեցիկ կիներու շարքին, Հայաստանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատը պիտի ներկայացնէ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ: “Հայաստանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատը արդէն ունի աւելի քան 30 ներկայացուցիչ աշխարհի վրայ, եւ ես այն քիչ կիներէն եմ, որ կը ներկայացնէ զայն: Ասիկա ինծի համար մեծ պատիւ է” ըսած է ան «Ռատիոլուր»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին:
Ան առաջին անգամ Հայաստան այցելած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատին ընկերացող տնտեսական պատուիրակութեան կազմին մէջ: 2009 թուականէն ան սկսած է գործակցիլ Հայաստանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատին կից Գործարար կիներու աջակցութեան հիմնադրամին հետ: Անոնց համար երկու մեծ ցուցահանդէս կազմակերպած է Լաթաքիոյ մէջ: Երբ երկու տարի առաջ հաստատուած է Տուպայ, կազմակերպած է նաեւ գործարարական խորհըրդաժողով:
Նախքան Սուրիոյ պատերազմը ան հիմնած էր կազմակերպութիւն մը, որ կը զբաղէր Քեսապի եւ Սլենֆէի անտառներու պահպանութեամբ, եւ առաջին նախագիծը պիտի իրագործուէր Քեսապի մէջ:
“Ես արդէն քաղաքապետարանէն ստացեր էի հողը եւ ՄԱԿ-էն ալ ստացեր էի գանձատրումը: Ատիկա իսկական գիւղազբօսաշրջային նախագիծ էր: Բայց պատերազմը սկսաւ, եւ մենք ստիպուեցանք զայն կասեցնելու” կը պատմէ տիկին Ազհարի:
Ան կ’ըսէ նաեւ որ կը փափաքէր Քեսապը դարձնել յատուկ վայր մը, վերածելով  զբօսաշրջական կեդրոնի:
“Կը յուսամ պատերազմի աւարտէն վերջ իրագործել այդ ծրագիրը: Բազմաթիւ հայեր միացեր էին այդ նախաձեռնութեան, քանի որ ան ի- րենց քաղաքն է: Ես կ’ուզէի ատիկա ընել անոնց համար: Ատիկա կը  մնայ իմ երազանքը եւ կը յուսամ օր մը կարենալ իրագործել”, կ’եզրափակէ Եասմինա Ազհարի: