Գերմանական «Շփիկել» թերթը Օգոստոս 16ին մեծ աղմուկ յառաջացուցած էր՝ հրապարակելով, որ Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը 2009էն ի վեր գաղտնօրէն կ՛ունկնդրէ Թուրքիոյ ղեկավար դէմքերու խօսակցութիւնները։
Նոյն թերթը, անցած շաբաթավերջին, երկրորդ ռումբ մըն ալ պայթեցուց՝ նշելով, որ Ամերիկա եւս, Անգլիոյ գործակցութեամբ, գաղտնօրէն կ՛ունկնդրէ թուրք ղեկավարներու խօսակցութիւնները։ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը գաղտնալսումներու թիրախներէն մէկն է։
Իր «Երկկողմանի Խաղ» խորագրեալ լրատուութեան մէջ, թերթը դիտել կու տայ, որ Ամերիկա մէկ կողմէ ՆԱԹՕի շրջագիծով ու քիւրտ անջատողականներուն դէմ պայքարելու հարցով զօրակցած է Թուրքիոյ, իսկ միւս կողմէ՝ գաղտնօրէն ունկնդրած Թուրքիոյ կառավարութեան, բանակին, լրատու գործակալութիւններուն եւ ուժանիւթի ընկերութիւններուն խօսակցութիւնները՝ հիմնելով ունկնդրութեան գաղտնի կեդրոններ։