Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական հետախուզական վերջին տուեալներուն համաձայն, Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն անունով ծանօթ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու շարքերուն մէջ 600-700 թուրքեր կան:
163 ընտանիք դիմած են պատկան մարմիններու՝ յայտնելով, որ իրենց զաւակները անհետացած են եւ կը կասկածին, որ անոնք միացած են իսլամ ծայրայեղականներու շարքերուն:
Սուրիոյ սահմանը անցնելով՝ խմբաւորման ճամբարներուն մէջ թուրքերը մարտական մարզումներու կը հետեւին, ապա կը մասնակցին պատերազմին: Այս ընթացքին սպաննուած են առնուազն 7 թուրք զինեալներ: Կը նշուի, որ ճամբարներու պատասխանատուներուն մեծ մասը թուրքեր են: Թուրք սահմանապահ- ները արդէն իսկ զգուշացուցած են եւ պիտի փորձեն կանխարգիլել ապօրինի ճամբով սահմանը անցնելու դէպքերը:
Միւս կողմէ, Իրաքի Թիւրքմենական միութիւններու դաշինքը Թուրքիոյ կոչ ուղղեց պաշտպանելու Իրաքի թիւրքմենները: Դաշինքի նախագահ Քեմալ Պէյաթլը յայտնեց. «Թուրքիա թիւրքմեններուն միայն սննդական օժանդակութիւն պէտք չէ տրամադրէ: Կ՛ակնկալենք, որ թիւրքմենները պաշտպանելու առնչութեամբ Անգարան լուրջ քայլերու դիմէ: Իրաքի երեք միլիոն թիւրքմենները երկրին երրորդ մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւնն են եւ բնակչութեան մօտաւորապէս 13 առ հարիւրը կը կազմեն:
Նշելէ ետք, որ Քերքուքի, Մուսուլի, Թել Աֆարի եւ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ կացութիւնը շատ վատ է, Պէյաթլը ըսաւ, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը զիրենք պիտի հզօրացնէ, սակայն‘ «պարզապէս յայտարարութիւններ կատարելը բաւարար չէ»:
«Եթէ այսօր Քերքուքը չպաշտպանէք, ապա վաղը Անգարան պաշտպանելու դժուարութիւն պիտի ունենաք», ըսաւ ան:
Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով 300 հազար թիւրքմեններ տեղահանուած են: Անոնցմէ ոմանք Թուրքիա ապաստանած են: