Երէկ Մոսկուայի  մեթրոյին մէջ տեղի ունեցաւ արկած մը, որուն պատճառով 20 զոհ եւ 50 վիրաւոր արձանագրուեցան: Վիրաւորներու շարքին են 2 հայ երիտասարդներ:

Շոգեկառքը Ռուսիոյ մայրաքաղաքին արեւմտեան բաժինին մէջ գտնուող Սլաւիանսքի պողոտայի եւ Փարք Փոպետիի կայարաններուն միջեւ իր գնացքէն դուրս եկաւ: Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպիանին այսօր Մոսկուայի մէջ սուգի օր յայտարարեց: