Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը շնորհակալական հաղորդագրութեամբ մը մամուլին կը հաղորդէ, թէ Յունիս 28ին, Փարիզի «ԱՅԲ-Էֆ.Էմ.»ին, Լիոնի «Ռատիօ Արմէնի»ին եւ Վալանսի «Ռատիօ Ա»ին միաժամանակ կատարած ռատիօթոնին կարելի եղած է հանգանակել 25.000 եւրոյի համարժէք

նուիրատւութեան խոստումներ:
Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն ուղղուած նուիրատւութեան ձեր վճարագրերը (չէքերը) կրնաք ղրկել տեղական պատասխանատւութեամբ կազմուած յանձնախումբերուն :