«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին քեսապահայ Կարօ Մանճիկեանը ըսաւ թէ օգնութիւն սկսած է բաժնուիլ բնակիչներուն, աւելցնելով, թէ առաջին նպաստները պիտի տրամադրուին տուներու վերականգնումի գծով տարուող տարբեր աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ յաջորդ օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի գիւղատնտեսութեան, արհեստանոցներու վերականգնման, անհրաժեշտ սարքաւորումներ գնելու համար:
Կարօ Մանճիկեանի խօսքով՝ առաջին օժանդակութիւնը, որ կը բաժնուի բնակիչներուն, տրամադրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ: «Այսպէս հերթականութեամբ բոլոր օգնութիւնները պիտի յատկացւին քեսապցիներուն, եւ կեանքը աստիճանաբար բնականոն հունով պիտի ընթանայ»,- կÿըսէ ան:
Մանճիկեան տեղեկացուցած է նաեւ թէ Սուրիայի Կարմիր Մահիկի կազմակերպութիւնը բնակիչներին կենցաղային իրեր տրամադրած է: Անհրաժեշտ պարագաներով փոքր կապոցներու օգնութիւն տուած է նաեւ յոյն ուղղափառ եկեղեցին:
Կիները կը շարունակեն մաքրութեան աշխատանքներ կատարել բնարականներուն մէջ: Բերքին վիճակի մասին՝ Մանճիկեան նշեց, որ այս տարուայ խնձորի բերքը լաւ է, ինչ որ մխիթարող է բնակիչներուն համար:
Քեսապին տրամադրուած օգնութեան առաջին մասը պիտի տրամադրուի տուներու վերականգնման աշխատանքին
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր