Ինչպէս կը հաղորդէ «Հալէպի հայեր» ֆէյսպուքեան էջը, հալէպահայերու թաղման արարողութիւնները տեղի կ'ունենան Ալ Ֆուրքան շրջանէն ներս  յատկացուած տարածքին մէջ, որը կը գտնուի  Նոր Գիւղէն  4 քմ հեռաւորութեան վրայ,  Հայաստանի նախկին հիւպատոսարանին  առջեւ:
Հալէպի Շեյխ Մակսուտ շրջանէն ներս ծայր առած ընդհարումներու եւ անոնց շարունակութեան պատճառով թաղամասէն ներս գտնուող քրիստոնեաներու  գերեզմանները յայտնուած են բախումներու վտանգաւոր գօտիէն ներս: Շեյխ Մակսուտ թաղամասին մէջ շարունակուող բախումներն ու ռմբակոծութիւնները անհնար դարձուցած են ճանապարհը դէպի գերեզմանատուն, որը կÿօգ- տագործուէր Շեյխ Թահայի, Վիլլաներու եւ Նոր Գիւղ հայ համայնքներուն  կողմէ, ինչպէս նաեւ  առաքելական, աւետարանական եւ կաթոլիկ համայնքներու  գերեզմանները: Ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով՝ Սուրիոյ  կառավարութիւնը անմիջապէս հողատարածք մը տրամադրեց ծայրամասէն ներս, քրիստոնեաներու թաղման արարողութիւնները կատարելու համար:
Սուրիոյ մէջ արդէն աւելի քան երկու տարիէ ի վեր շարունակուող բախումներու հետեւանքով զոհերու թիւը կը գերազանցէ 70 հազարը, որոնց կարգին զոհուած հայերու թիւը մօտ հինգ տասնեակ է: