Հայաթափուած գիւղերու մշակութային ազգապատկան ժառանգութիւններուն եւ անշարժ գոյքի վերացանկագրման իր սկսած աշխատանքին հետամուտ, Ատրպատականի հայոց թեմի Առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեան մեկնեցաւ Դարաշամբ գիւղի պատմական գերեզմանատունը, ուր հարիւրաւոր տապանաքարեր կը վկայեն, նախկին հայկական մեծաթիւ բնակչութեան

կենսուրախ կեանքի մասին: Իրան-Նախիջեւան սահմանին վրայ գտնուող այս գերեզմանատան մէջ ուսումնասիրութիւն կատարելու համար, Իրանեան սահմանակէտին հսկող բանակայիններու ուղեկցութեամբ Առաջնորդ Սրբազանը բարձրացաւ գերեզմանատուն, դիմացի ափէն հսկող Նախիջեւանեան սահմանա- պահներու խուզարկու նայուածքին տակ, ուր իր կատարած ուսումնասիրութեան արձանագրութիւնը կը ներկայացնենք  ստորեւ, իր բառերով.-
«Ճուլֆա քաղաքէն շուրջ 25 քլմ. դէպի արեւմուտք, Արաքսի ափին դեռ կանգուն է Դարաշամբ նախկին հայկական գիւղին  հաստակառոյց Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ Իրանի Հնապահպան Հիմնարկութեան կողմէ եւ Ազգային Առաջնորդարանիս վերահսկողութեամբ կը նորոգուի: Բազմաթիւ առիթներով, անոր վերանորոգութեան հետեւելու համար, Իրանեան սահմանակէտի բանակի հրամանատարին ընկերակցութեամբ այցելած ըլլալով եկեղեցին ու անոր շուրջ գտնուող գիւղի տուներուն աւերակները, այս անգամ ուզեցինք գիւղի կողքին՝ բլուրին վրայ տարածուած խաչքարերով լեցուն գերեզմանատունը բարձրանալ»: