Լիբանանահայութիւնը հարազատ երգին ու երաժըշտութեան իր ծարաւը յագեցուց՝ 6 Յուլիս 2014-ի , «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ՝ աւելի քան երկու ժամ վայելելով տաղանդաւոր երգահան ու երաժիշտ, հայաստանեան եւ սփիւռքեան երաժշտական մարզին մէջ իր ուրոյն դրոշմն ու արժէքը, պատգամն ու խորքայնութիւնը ունեցող Ռոպերթ Ամիրխանեանը:
Ռոպերթ Ամիրխանեանի անուան հետ միահիւսուած այս երգով սկիզբ առած համերգը մինչեւ վերջին երգը՝ «Հայի աչքեր»-ը ամբողջովին գերեց լիբանանահայ հանդիսատեսը, փոխանցելով պատգամներ, հայկական երաժշտական վայելք ապրելու կարելիութիւն ստեղծելով:
Ռոպերթ Ամիրխանեանի ծննդեան 75-ամեակին նուիրուած հեղինակային երգերու երեկոյին բացումը կատարեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Սարգիս Կիրակոսեան, որ յայտնեց, թէ 30-40 տարիներու գործունէութեամբ եւ տաղանդաւոր աշխատանքով երաժշտական իւրայատուկ աշխարհ ստեղծած, մերօրեայ հայ երգն ու երաժշտութիւնը ծնած Ռոպերթ Ամիրխանեանի նուիրուած երեկոն տօնական բացառիկ հանդիսութիւն է: Ան վեր առաւ Ռ. Ամիրխանեանի ուրոյն դերակատարութիւնն ու մեծ ներդրումը հայկական հարազատ երգին ու երաժշտութեան մարզին մէջ:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած այս երեկոյին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի նուիրական նպատակի մը՝ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին եւ անոր բազմաճիւղ գործունէութեան բարգաւաճման ու ծաղկումին:
Նոր մահացած Ալիսիա Կիրակոսեանի յիշատակին իբրեւ յարգանք, անոր տաղանդին ու բանաստեղծական ուրոյն արժէքին իբրեւ դրսեւորում՝ Ռոպերթ Ամիրխանեան մեկնաբանեց իր երաժշտութեամբ «թեւեր» առած ու աշխարհով մէկ շրջող «Ներիր ինձ, ես քեզ ցաւ եմ պատճառել»ն ու «Դու ինձ ստիպեցիր, որ ես լսեմ հողին կանչը»:
Ապա բեմ բարձրացան Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի փոքրիկ անդամները, որոնք խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռոպերթ Ամիրխանեանի, գեղեցիկ եւ հաղորդական կերպով ներկայացուցին վերջինիս պատկանող մանկական երգերու շարան մը:
Երեկոյի աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Սարգիս Կիրակոսեան յուշանուէր մը յանձնեց Ռոպերթ Ամիրխանեանի:
ԼԻԲԱՆԱՆ-«Հայի Աչքեր»ուն հեղինակը շուրջ երկու ժամ իր վրայ անշարժացուց լիբանանահայութեան աչքերը՝ թափանցելով անոր հոգիին խորերը
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր