Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, երէկ, Յուլիս 14ին, զօրահանդէս-տողանցք տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ֆրանսայի ազգային տօնին, ուր մասնակցեցան նաեւ հայ զինուորականները: Պաշտօնական զինուորական տողանցքին ժամանակ ծածանեց Եռագոյն դրօշակը: Ներկայ էին շուրջ 80 երկիրներէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ: Ներկայ էր նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: Հայ զինուորականները մասնակցեցան տողանցքին, որպէս Ա. Աշխարհամարտին մէջ ներգրաւուած երկրի ներկայացուցիչներ:
Տողանցքին մասնակցեցան հազարաւոր մարդիկ, ինչպէս նաեւ 54 սաւառնակ, 36 ուղղաթիռ, 285 ցամաքային փոխադրամիջոց եւ աւելի քան 200 նժոյգ:
Աւանդութեան համաձայն, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը ժամանած է Յաղթանակի կամարին մօտ, ուրկէ սկիզբ առած է զինուորական տողանցքը:
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ լուրը, վկայակոչելով ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեանի տեղեկատուութիւնը եւ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարածուած տեղեկութիւնը:
Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով, ՀՀ նախագահ Սերժ Սար- գըսեան, երէկ այցելեց երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը, շնորհաւորելով դեսպան Անրի Ռենոն, դեսպանութեան անձնակազմը եւ Ֆրանսայի ամբողջ ժողովուրդը համայն մարդկութեան համար արժէք ներկայացնող կարեւոր այս թուականին առիթով: Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորական ուղերձ ուղարկած է Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտին:
Յուլիս 14ի Ֆրանսայի ազգային տօնի տողանցքին առիթով՝ Հայկական Եռագոյնը ծածանեց Շանզ Էլիզէի վրայ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր