«Մարմարա» կը հաղորդէ թէ Հոլլանտայի ամէնէն տարեց բնակիչը հայազգի Սերոբ Միրզոյեանն է, որ վերջերս նշեց իր ծննդեան 108ամեակը։ Ան իր տարեդարձը նշեց բարեկամներու եւ հարազատներու հետ, Ամէրսֆորտ քաղաքին մէջ։
Միրզոյեան ծնած է Տիյարպեքիր մէջ, 1906ին։ Անկէ ընտանիքը գաղթած է Իրաք։  1996 թուականին ան մեկնած է Հոլլանտա եւ հաստատուած՝ Ամէրսֆորտ քաղաքին մէջ։ Միրզոյեանի մասին տեղեկութիւն կայ նոյնիսկ Վիքիփէտիայի մէջ Հոլլանտայի ամէնէն տարեց մարդոց ցանկին վրայ։