Երկու օրէ է վեր կը խօսուի այն յուսախաբութեան մասին զոր Թուրքիոյ  Ասորիները զգացած են Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան կողմէ պատրաստուած դասագիրքի մը մէջ Ասորիներու մասին գրուած ժխտական պնդումներու պատճառաւ: 10-րդ դասարանի համար պատրաստուած դասագիրքին մէջ կը պնդուի որ Ասորիները 1915-ին դաւաճանած էին երկրին:

Դասագիրքը գրուած է զանազաններու կողմէ, դասագիրքին խմբագրութիւնը իրականացած է Տոչ. Օսման Քէօսի կողմէ: Դասագիրքին 65-րդ ու 66-րդ էջերը յատկացուած են Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին ասորի քաղաքացիներու ունեցած վիճակին: Ասորիները այժմ կը պնդեն որ այս տեղեկութիւնները սխալ ու թերի են եւ թէ ասոնք երկրին մէջ ասորիներու դէմ թշնամական զգացումներ կը հրահրեն: Ասորիները կը պնդեն որ պատմութիւնը սխալ գրուած է. Ասորիներու պատմութիւնը գրողը առնուազն պէտք է խորհրդակցի նաեւ Ասորիներու հետ, կÿըսեն անոնք:
Դասագիրքը կը պատմէ որ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Ռուսերու ու Եւրոպական պետութիւններու քաջալերութեամբ Ասորիները ապստամբեցան, ու երբ չկրցան յաջողիլ, մեծամասնութեամբ բաժնուեցան Անատոլուէն: Լոզանի Դաշնագրով Ասորիները Թուրքիոյ հայրենակից նկատուեցան: Բայց տնտեսական պատճառներով Ասորիները գաղթեցին օտար երկիրներ: Անոնք Արեւմտեան աշխարհի տնտեսական բարիքներէն օգտուելու նպատակով ծառայեցին այդ պետութիւններու քաղաքական ու կրօնական շահերուն, բացատրեցին թէ 1915-ին Ասորիներու դէմ ալ ցեղասպանութիւն գործադրուեցաւ: Թուրքերը կը պնդեն թէ  Ասորիները Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Ռուսերուն կողմը բռնեցին: Անոնց դէմ մղուած պայքարը պատերազմական վիճակի պայմաններու բերումով էին, ցեղասպանութիւն խնդրոյ առարկայ չէ, Ասորիները միշտ կրցած են իրենց կրօնական ու ընկերային գործունէութիւնը շարունակել, ըսուած է դասագիրքին մէջ:
Ասորի գրող Մարքուս Իւրէք մէկն է այն ասորիներէն որոնք կը բողոքեն յիշեալ դասագիրքին դէմ: Ան դիտել կուտայ որ Ասորիները Թուրքիոյ մէջ չար ու դաւաճան հաւաքականութիւն մը չեն եղած երբեք, ընդհակառակը անոնք միշտ աշխատած են ներդաշնակ համակեցութեան ի նպաստ: Սխալ է մատղաշ սերունդներու ուղեղները լուալ նմանօրինակ սխալ տեղեկութիւններով: Ասորիները բնաւ չեն ապստամբած, անոնք պարզապէս իրենք զիրենց պաշտպանած են Քիւրտ ցեղախումբերու կողմէ կատարուած յարձակումներու դէմ:
Կառավարական շրջանակները, պատասխանելով Ասորիներու բողոքին, ըսին որ եթէ սխալ բաներ կան, անոնք շուտով կը սրբագրուին: