ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարար Մանսուր Իսաուի Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին յայտնեց, որ առնուազն 26 զոհ խլած Կիրակի օրուան ղպտիներու ցոյցին ընթացքին բախումներու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք հրահրողներուն ինքնութիւնը բացայայտուած են,

եւ աւելցուց, որ այդ մասին զեկուցումը նախարարաց խորհուրդին պիտի ներկայացուի։ Իսաուի քուէյթեան "Քապաս" օրաթերթին յայտնեց, թէ նահանգներուն մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը վերցուած է, սակայն Ապասիա շրջանին մէջ ոստիկանութեան եւ բանակին կողմէ ապահովական յաւելեալ քայլեր առնուած են:
Աւելի քան 300 վիրաւորներ եւս խլած բախումներ սկսած էին, երբ ապահովական ուժերը եւ կարգ մը ծայրայեղականներ բռնարարքներու դիմած էին՝ կասեցնելու համար քայլարշաւը:
Եգիպտոսի փոխվարչապետ եւ ելեւմուտքի նախարար Հազեմ Պիլաուի, այդ բախումներուն նկատմամբ կառավարութեան վերաբերմունքին դէմ իբրեւ բողոք, Երեքշաբթի օր ներկայացուց իր հրաժարականը։
Որոշ աղբիւրներ նաեւ կը տեղեկացնեն, թէ Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու խորհուրդը կառավարութեան թելադրած է տեղեկատուութեան նախարարը պաշտօնազրկել, ղպտիներուն դէմ հրահրում կատարելուն համար։ Եգիպտոսի մարդկային իրաւանց միութիւնը նման պահանջով դիմած է Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազին: Այս կեցուածքները հիմնուած են այն իրողութեան վրայ, որ Եգիպտոսի պետական պատկերասփիւռի մէկ խօսնակը, ղպտիներու քայլարշաւին անդրադառնալու ընթացքին՝ «անոնցմէ ձերբազատինք» ըսած էր:
Նշենք, որ դէպքերուն զոհ գացած 17 ղպտիներու Երկուշաբթի օրուան յուղարկաւորութիւնը եւս քարկոծուեցաւ։