Յոյն ուղղափառներու պաղեստինեան Սեբաստիոյ եպիսկոպոսապետ Աթալլա եպս. Հաննա շեշտեց. «Մենք ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Երուսաղէմի մէջ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան մէջ հիւրեր չենք»‘ աւելցնելով.

«Ասիկա մեր եկեղեցին ու հայրենիքն է, եւ կը մերժենք, որ Յունաստանէն հոգեւորականներ գան եւ մեզի հետ վարուին կարծէք օտարներ ենք»:

Հաննա եպիսկոպոսը պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, «Մենք կապ պիտի հաստատենք աշխարհի ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ, եւ բազմաթիւ նստացոյցեր ու խորհրդաժողովներ տեղի պիտի ունենան»՝ նշելով, որ «մենք միշտ կը քննադատենք սիոնական ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը, սակայն մամլոյ արձագանգի չենք արժանանար»:
«Արտասահմանէն հրամաններ ստացողներուն հետ երկխօսութեան կարելիութիւն չկայ», ըսաւ ան՝ ընդգծելով. «Ուզուածը այն է, որ Պաղեստինի քրիստոնեաները իրենց հայրենիքին մէջ տկար ըլլան»: «Երուսաղէմի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը իսրայէլեան ճնշումներու կ՛ենթարկուի», ըսաւ եպիսկոպոսը:
«Մենք բոլոր ազգերուն եւ կրօններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք ունինք, սակայն կը մերժենք, որ Յունաստանէն հոգեւորականներ գան մեզի գաղութատիրելու եւ մեր կալուածները ծախելու համար», ըսաւ եպիսկոպոսապետը‘ աւելցնելով. «Մենք մեր եկեղեցւոյ մէջ կը հալածուինք, որովհետեւ պաղեստինցի ենք եւ որովհետեւ պաղեստինեան դատին կը զօրակցինք»:
«Մեր պահանջածը բարեփոխումն է, եւ եկեղեցին եթէ իր մէջ բարեփոխում չունենայ, ապա իր գոյութեան իմաստը կը կորսնցնէ», նշեց Հաննա եպիսկոպոսը: