Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու տարեկան համագումար-սիւնհոդոսը ընթացք առաւ երէկ Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Զմմառու վանքին մէջ, ներկայութեամբ հայկական զանազան գաղթօճախներէ ժամանած հայ կաթողիկէ առաջնորդներու:
Հիմնականին մէջ միջգաղութային կրօնական-եկեղեցական հարցերու եւ հայ կաթողիկէ համայնքի իրավիճակի քննութեան այս սիւնհոդոսը պիտի տեւէ մինչեւ 21 Հոկտեմբեր:
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք բացումը կատարելով սիւնհոդոսին ողջունեց ներկաները՝ բարեյաջող ընթացք մաղթելով եպիսկոպոսներու քննարկումներուն: