Ապրիլ 16ին նախատեսուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նիւթի արծարծում՝ ամերիկեան Թաֆթս համալսարանի ուսանողներուն համար: Նիւթը պիտի ներկայացնէ Միտըլէսէքսի շերիֆ Փիթըր Քութուճեան:
Դասախօսութիւնը կազմակերպուած է համալսարանի պատմական բաժանմունքին կողմէ:
Ապրիլեան 99ամեակի ոգեկոչական ձեռնարկներու նախապատրաստական շրջանը բացուած է, բոլոր հայագաղութներէն ներս: