Հոկտեմբեր 28-ին, տեղի ունեցաւ «Քրտական Դերը Նոր Միջին Արեւելքի Մէջ» խորագրով խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան քիւրտ քաղաքական գործիչներ` Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն: Անոնց կողքին նաեւ մասնակցեցան տեղացի արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտներ:
Խորհրդաժողովը իր տեսակով առաջինն էր, որ կազմակերպուած էր «Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն» թրքական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու գրասենեակին կողմէ եւ կայացաւ «National Press Club»ի կեդրոնէն ներս: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ հայկական պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ խորհրդաժողովին եւ քիւրտ քաղաքական գործիչներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ հայ-քրտական յարաբերութիւնները խորացնելու միջոցներու շուրջ:
Խորհրդաժողովի յայտագիրը կազմուած էր չորս խորագիրներ քննարկող նիստերէ, որոնք առիթ եղան բազմատեսակ կարծիքներու առողջ փոխանակման: Քննարկուած խորագիրներն էին «Քիւրտերը Փոփոխուող Միջին Արեւելքի Մէջ», «Սուրիոյ Քիւրտերը եւ Ապագայի Իրենց Պատկերացումը», «Էմրալի Խաղաղութեան Գործընթացը», «Կարելի՞ է Թուրք-քրտական Յարաբերութիւնները Վերականգնել» եւ «Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա եւ Քիւրտերը. Դէպի Նոր Պատկերացում»: Մասնակիցներու շարքին էին Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահէտտին Տէմիրթաշ, խոր- հըրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, Իրաքեան Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան Ուաշինկթընի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քարուան Զիպարի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճէյմս Ճէֆրի:
«Մենք կ'ողջունենք Ուաշինկթընի մէջ Խաղաղութիւն եւԺողովրդավարութիւն կուսակցութեան կազմակերպած այս առաջին խորհրդաժողովը եւ այն առիթը որ ընծայեց օգտակար երկխօսութեան մը` հայ-քրտական համագործակցութեան, Արեւմտահայաստանի եւ Քիւրտիստանի, եւ աւելի ընդգրկուն` հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումներու մասին».- յայտնեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, անդրադառնալով խորհրդաժողովի կազմակերպման:
Հ.Յ.Դ. մասնակցեցաւ Ուաշինկթընի մէջ գումարուած քրտական խորհրդաժողովին
- Details
- Category: Հայ Դատ