Երեքշաբթի 15 Հոկտեմբերին, Եւրոպական խորհրդարանի դահլիճէն ներս շարունակուած խորհրդաժողովի երկրորդ նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկու հիմնական օրակարգեր։
Առաջինը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ միջազգային օրէնք», ուր իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան փրոֆէսէօրներ Եաիր Օրոն (Իսրայէլէն), Թէոֆանիս Մալքիտիս (Յունաստանէն), Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստանէն), Անրի Թերիօ (ԱՄՆ)։
Երկրորդը՝ «Հարաւային Կովկասի հեռանկարները», ուր իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան Եւրանեսթի Մարդկային իրաւանց եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու փոխ նախագահ Գնութ Ֆլեքենշթային, Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբի փոխ նախագահ, Պուլկարիոյ եւրոերեսփոխան Անտրէյ Գովաչեւ, Կիպրոսի Լետրա քոլեճի նախագահ Իոանիս Խարալամպիտիս, ՄԱԿի ներքին արդարադատութեան խորհուրդի անդամ, Մեծն Բրիտանիոյ իրաւաբան եւ արքայական պալատի խորհրդատու Ճէօֆրէյ Ռոպերթսըն եւ Մինսկի խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պերնար Ֆասիէ, Եւրանեսթի փոխ նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան։
Հայութեան եւ յատկապէս արցախահայութեան հաւատարիմ բարեկամուհի տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ յարաբերութիւններուն, դիտել տալով թէ Եւրոպա իր դուռը բաց պէտք է պահէ հայերուն առջեւ, որովհետեւ այլ պարագայի՝ Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան շահերու դուռն ալ կը փակուի: Ան խօսելով Արցախի հարցի մասին, նշեց թէ Կովկասի մէջ խաղաղութեան նախապայման է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը:
Ճէօֆրէյ Ռոպերթսըն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հազիւ շաբաթ մը առաջ Արցախ կատարած իր այցելութեան, նշելով թէ կարելիութիւնը ունեցաւ տեղւոյն վրայ տեսնելու տիրող իրավիճակը: Ան աւելցուց թէ խաղաղութիւն չկայ առանց արդարութեան եւ յատկանշականօրէն յորդորեց. «Լուծեցէք տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման երկընտրանքը, որպէս հիմք ընդունելով մարդկային տեսանկիւնը: Մարդիկ իրաւունք ունին ապրելու ազատ, առանց հալածանքներու»:
Պերնար Ֆասիէ իր կարգին, խօսեցաւ Մինսկի խումբէն ներս իր ունեցած փորձառութեան մասին, նշելով թէ տարածաշրջանի երկիրները խնդիրներ ունին եւ հակամարտութիւնները լուրջ խոչընդ են շրջանի երկիրներու զարգացման։ Ան ըսաւ նաեւ թէ շատեր քննադատեցին Մինսկի խումբի գործունէութիւնը եւ եռանախագահ երկիրները, ըսելով թէ անբաւարար ջանքեր գործադրեցին, բայց այս մէկը արդար չէ, ճիշդ չէ. պէտք չէ մոռնալ որ այս խումբին մէջ հակամարտութեան շիկացում չէ եղած:
Այս երկու օրուան օրակարգերուն քննարկման ընթացքին օտար երեսփոխանները, քաղաքագէտները եւ մասնագէտները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան գաղութներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները քննարկեցին Հայաստանի եւրոպական համարկման հարցի տարբեր երեսները, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան յառաջընթացքը, Եւրոպայի հայ գաղութներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կարողականութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան հատուցման հարցերն եւ իրաւունքներու հետապնդման նոր քաղաքականութեան մը մշակումը։
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ.- «Եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը պատմական կրնանք համարել այն բանով, որ Պրիւքսելի մէջ, եւ յատկապէս Եւրոխորհրդարանի մէջ մէկտեղուած Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի կրօնական եւ հասարակական – քաղաքական ներկայացուցիչները միաձայնութեամբ իրենց վճռակամութիւնը յայտնեցին ի շահ Հայասատանի զարգացման, Արցախի ճանաչման, եւ սփիւռքի գոյատեւման սրբազան առաքելութեանց»։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց թուրք պետութեան կողմէ գրաւուած հայոց եկեղեցիները հայ ժողովուրդին վերադարձնելու պահանջքը։ Վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «Հայ Դատը սկսած է տարբեր մօտեցում, շեշտաւորում ու առաջնահերթութիւն ստանալ վերջին տարիներուն ընթացքին»։ Ան յիշեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին եւ Ֆրանսայի խորհրդարանին մօտեցումները, ինչպէս նաեւ տակաւ բազմացող թուրք մտաւորականներու արտայայտութիւնները՝ ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս բոլորի լոյսին տակ վեհափառը ըսաւ, թէ «ռազմավարական ու մարտավարական նոր մօտեցումներ հարկ է որդեգրել, նոր զարգացումներու լոյսին տակ»։
Վեհափառը անդրադարձաւ միջազգային օրէնքին պարզած թէ՛ դժուարութիւններուն եւ թէ կարելիութիւններուն։ Այս ծիրէն ներս ըսաւ, թէ «հակառակ այն իրողութեան որ 1948-ին Ցեղասպանութիւնը որպէս օրէնքի սահմանում մուտք գործեց միջազգային օրէնքէն ներս, սակայն ազգ մը ոչնչացնելու Օսմանեան Թուրքիոյ ծրագիրը միջազգային օրէնքի տուեալներով կը նկատուի Ցեղասպանութիւն»։ Մեկնելով այս իրողութենէն Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ «Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ եւ հետեւաբար ցեղասպանը պէտք է պատժուի եւ հատուցում տայ Ցեղասպանութեան զոհուածներու յաջորդներուն»։
Խօսելով միջազգային օրէնքի տուեալներուն մասին, Վեհափառը շեշտեց հատուցման առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը. «Հայ ժողովուրդը հսկայ կալուածներ, նիւթական, մշակութային ու հոգեւոր հսկայ հարստութիւն թողած է Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ։ Անոնք Թուրքիոյ սահմանումով «լքուած» կալուածներ չեն կրնար նկատուիլ։ Մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան, իսկ մնացեալ հայերը պարտադրաբար աքսորուեցան՝ իրենց ետին ձգելով իրենց ինչքերը։ Հետեւաբար այդ կալուածներու ու ինչքերու իրաւատէրը հայ ժողովուրդն է միջազգային օրէնքներու տուեալներու լոյսին տակ», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Ան  յատկապէս անդրադարձաւ հայոց եկեղեցիներուն, ու ըսաւ. «Յստակ տուեալներու համաձայն շուրջ 2000 եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր ունեցած է հայ ժողովուրդը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ։ Անոնցմէ ոմանք քանդուած են, ուրիշներ մզկիթի, ախոռի, ճաշարանի, թանգարանի եւ այլ հանրային վայրերու վերածուած։ Միթէ Թուրքիան կրնա՞յ ուրանալ, որ այսօր այլապէս գործածուող եկեղեցիները հայ ժողովուրդի պատկանող եկեղեցիներ եղած են»։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ինչո՞ւ Թուրքիոյ վարչապետը լուռ կը մնայ, երբ իրեն ուղղած մեր նամակին մէջ այս մասին անդրադարձանք։ Ինչո՞ւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը լուռ կը մնայ երկու Վեհափառ Հայրապետներու միացեալ կոչին՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, հատուցում տալու Հայ ժողովուրդին ու վերադարձնելու Հայոց եկեղեցիները»։
Վեհափառը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով թէ «Եթէ Թուրքիան նախանձախնդիր է մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ, եթէ Թուրքիան կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու ու ազգերու խաղաղ գոյակցութեան, Հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներու նկատմամբ գործնական առաջին քայլ մը կրնայ առնել վերադարձնելով հայոց եկեղեցիները»։