Փարիզի Հայկական մշակոյթի տան մէջ Ապրիլ 12ին կայացաւ «2013-2017 Հայ Դատի նոր հեռանկարները» նիւթով խորհրդաժողով, ուր մասնակցեցան Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեանը եւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի խօսնակ Էլիզապեթ Չուլճեանը:
Խորհրդաժողովը առիթ մըն էր առաջին անգամ ըլլալով եւրոպական եւ ամերիկեան կողմերու տեսակէտները հրապարակել միեւնոյն հարցին կապակցութեամբ:
Զրուցավարները նշեցին թէ իւրաքանչիւր պետութեան իւրայատկութիւնը առանձին մարտավարութիւն կը թելադրէ, այնուամենայնիւ, բոլոր երկիրներու համայնքներու համագործակցութիւնն ու փորձառութեան փոխանակումը շատ կարեւոր է: Է. Չուլճեանի խօսքերով՝ ամերիկահայ գաղութի նպատակները միշտ նոյնն են, սակայն փոխուել են մարտավարութեան միջոցները: Յատուկ դեր խաղաղացած է համացանցը:
Ուաշինկթընէն ժամանած հիւրը խօսեցաւ այն հիմնական նպատակներուն մասին, որոնց ուղղութեամբ Հայ Դատը աշխատանք կը տանի: Հիմնական շեշտը դրուած է 50 նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ: Անկէ զատ Հայ Դատը շարունակաբար կ'աշխատի ԱՄՆ կառավարութեան հետ՝ ԼՂՀ ճանաչման հասնելու, Հայաստան-ԱՄՆ կապերը հզօրացնելու, տնտեսական յարաբերութիւններու համար բարւոք վիճակ ստեղծելու, Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակութիւն ցուցաբերելու եւ այլ հարցերու ուղղութեամբ:
Ֆրանսայի հայկական համայնքը ամէնօրեայ կռիւի մէջ է հակառակորդին հետ
Ֆրանսայի մէջ ճանաչման գործը կատարուած է, հետեւաբար, գործելակերպն ու նպատակներն այլ են: Ֆրանսահայութիւնը ամէն օր ուղիղ պայքարի մէջ է թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու հետ:
«Անոնք փոխած են խաղի օրէնքը՝ պատերազմը փոխադրելով այստեղ: Ուժերը եւ կռիւը անհաւասար են», ըսած է Հ. Վարժապետեան ակնարկելով քարոզչական, քաղաքական եւ յատկապէս ֆինանսական դաշտին: