Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գործունէութիւնը 2013ին պիտի ծաւալի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յատկապէս հատուցման խնդիրներու բարձրացման,
ինչպէս նաեւ հատուցում եզրը սահմանելու ուղղութեամբ, յայտնած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան՝ պատասխանելով «Թերթ»ին այն հարցումին, թէ այս տարի ի՞նչ պիտի ըլլան Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գերակայութիւնները։ «Այս տարի Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզ համար նոյնպէս կը շարունակի կարեւոր լինել, բայց հատուցման հարցով արդէն կարեւոր է սահմանում մշակել», նշած է ան՝ հաստատելով, որ ցարդ Հայ Դատի տարած աշխատանքները մեծապէս պիտի նպաստեն այս իմաստով։ Անոր համաձայն, Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն կարելիութիւնները բաւական մեծ են այս իմաստով, քանի որ անոնք կը գործեն տարբեր երկիրներու մէջ, իսկ նման կարելիութիւններ չունին Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ «Ճիշտ է, լոբբինգի իրականացման վերջիններիս ճիգերը մեծ են, բայց արդիւնքները մեծ չեն: Դրա պատճառներից մէկը հարցերի էութիւնն է, իսկ մեր խնդիրները ճշմարիտ են», նկատել տուած է ան՝ նշելով, որ Հայաստանի պետութիւնը այդ ուղղութեամբ կրնայ աւելին ընել եւ պիտի ընէ։ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն միւս գործունէութիւնը 2013ին եւս պիտի շարունակուի նոյն ուղղութեամբ, որ արդէն որդեգրուած է։ Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, այդ ուղղութիւնները պիտի ըլլան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան աջակցութիւն ցուցաբերել, այսինքն՝ նպաստել Հայաստանի եւ տուեալ երկիրի յարաբերութիւններու զարգացման, երկրորդ՝ աշխատանքներ տանիլ Արցախի ուղղութեամբ, յատուկ կերպով շեշտը դնելով Արցախի անկախութեան ճանաչման վրայ, իսկ երրորդ՝ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խնդիրներու կարգաւորման նպատակով աշխատանքներ ծաւալել: Անոր համաձայն, 2013ի սկիզբը իրենք նաեւ պիտի զբաղին սուրիահայերու խնդիրներով, անոնց մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու աշխատանքներ պիտի տանին:
Հայաստան Պէտք Է Յետս Կոչէ Իր Ստորագրութիւնը Հայաստան - Թուրքիա Արձանագրութիւններէն
Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւ
նները այս պահուն կը գտնուին աւելի վատ վիճակի մէջ, քան նախքան «ֆութպոլային քաղաքականութիւնը»: Ըստ անոր, այդ հանգամանքը բաւական ծանրակշիռ պատճառ է, որ Հայաստանը դադրեցնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լուծումը‘ սպասելով, որ ե՛րբ այդ երկրին մէջ իշխանութեան պիտի գայ քաղաքական ուժ մը, որ պատրաստ պիտի ըլլայ Երեւանի հետ յարաբերութիւններ հաստատել առանց նախապայմաններու:
Գծանկարը՝ Արամ Աթարեանի
Անդրադառնալով քաղաքացիական հասարակութեան մակարդակով երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն‘ Մանոյեան նշեց, որ այդ յարաբերութիւնները իրականութիւն կը դառնան միայն երրորդ կողմերու միջնորդութեամբ, իսկ իրականութեան մէջ յառաջընթաց չկայ: «Երկու երկիրներու ուսանողներն ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հանգիստ կը յարաբերին եւ անոնց միջեւ խնդիրներ չեն ծագիր, սակայն ամբողջ խնդիրը Թուրքիոյ իշխանութիւններու քաղաքականութեան մէջ է: Միաժամանակ Թուրքիա կ՛օգտուի անկէ եւ կը յայտարարէ, որ քայլեր կը ձեռնարկուին յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ, սակայն ատիկա չի բխիր Հայաստանի շահերէն»: Ըստ Մանոյեանի, ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստան պէտք է յետս կոչէ իր ստորագրութիւնը Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն‘ փոխարինելով զանոնք երեք կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթով. 1) Երկու երկիրները որոշած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել: 2) Երկու երկիրները որոշած են բանալ այդ երկիրները կապող ճամբաները: 3) Երկու երկիրները որոշած են բոլոր հարցերը լուծել խաղաղ միջոցներով‘ միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային դիւանագիտական օրէնքներու համապատասխան: