Թրքական «իմետա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Թուրքիոյ  ընթացիկ քաղաքական հարցերուն» նուիրուած քննարկումին ընթացքին,

լրագրող, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ  Էնվեր Այսեւեր յայտարարած է, որ Թուրքիոյ խնդիրներն ու խոչընդոտները օրէ օր կ՛աւելնան՝ պնդելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի նոր քարտէս կը գծուի, եւ Թուրքիան, բնականաբար, անմասն չի կրնար մնալ:
«2015-ը հայկական բըռնագաղթի 100-րդ տարին է: ՄԱԿ-ը կը պատրաստուի հանդէս գալ ցեղասպանութեան ճանաչումով: Եթէ ատիկա չկանխարգիլուի, ապա ատոր պիտի յաջորդէ փոխ հատուցման եւ հողերու վերադարձի հարցերու բարձրացումը: Այս գաղթը ո՛չ պատմաբանները, ո՛չ համալսարանները քննարկած են, սակայն տակաւին ուշ չէ», ըսած է ան: