
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը այսօր առաւօտուն ուղարկած շտապ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանը բանաձեւ մը ընդունած է, որով կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս որ ինք յայտարարեց 20 տարի առաջ:
Երեսփոխանուհի Ֆիքարա ՀՅԴ Հայ Դատի
Յանձնախումբի ընկերներուն հետ
Միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւը որդեգրուեցաւ Հինգշաբթի 25 Հոկտեմբերին, երկար ամիսներու աշխատանքէ ետք, ինչպէս կը հաղորդէ Հայ Դատի Յանձնախումբը: Բանաձեւի նախագիծը ներկայացուած էր Ներկայացուցիչներու Պալատին հայկական հարցերու ջատագով՝ երեսփոխան Մերի Ֆիքարայի կողմէ:
Բանաձեւը կոչ կ'ուղղէ Աւստրալիոյ միացեալ կառավարութեան՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ աշխուժացնելու կապերը Աւստրալիոյ եւ ԼՂՀի ու իրենց քաղաքացիներու միջեւ: