ԱՄՆ  նախագահական ընտրութիւնները՝  Նոյեմբեր  6ին 

ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակը յայտարարած է, որ ո՛չ նախագահ Պարաք Օպաման, ո՛չ Մասաչուսէթսի նախկին նահանգապետ Միթ Ռոմնին չեն վաստակած հայ համայնքի աջակցութիւնը Նոյեմբեր 6-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն:

«Պարաք Օպաման, որ չկատարեց իր խոստումները եւ նախկին նահանգապետ Միթ Ռոմնին  մեր համայնքին մտահոգող խնդիրներուն շուրջ հանրային զեկոյցով հանդէս չեն եկած՝  վաստակելու ամերիկահայերուն քուէները»,-ըսած է ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Քէն Խաչիկեանը:
ԱՄՆ գործադիր իշխանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան հարցով ամերիկահայերը յուզող խնդիրներուն շուրջ կը շարժի Անգարայի եւ Պաքուի թելադրանքով:
Նախագահ Պարաք Օպամա 2008-ին ունէր Հայ Դատի գրասենեակի աջակցութիւնն ու ամերիկահայերուն քուէները եւ բազմիցս խոստացած էր աշխատիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ ամերիկահայերը յուզող այլ խնդիրներու, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման ուղղութեամբ եւ ամերիկահայ առաջնորդներուն հետ գործօն համագործակցութեան:
Նախագահ Օպամա չկատարեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումը:
Խոստումը խախտելու ամենաակնառու օրինակը եղաւ Քոնկրէսի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման վարչակազմի դէմ արտայայտուիլն ու պետական քարտուղար Հիլարի Քլինթընի յայտարարութիւնը՝ Ցեղասպանութեան պատմական բանավէճ ըլլալու վերաբերեալ:
Նախագահի առաջին ազդանշանը, որ պիտի խախտէ խոստումը, եղաւ 2009-ի Մարտին, երբ Թուրքիայի խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ան չօգտագործեց «հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, բայց  նշեց, որ իր «անձնական» տեսակէտը այս հարցով չէ փոխուած:
Այս պահու դրութեամբ ո՛չ Ռոմնին, ո՛չ նախագահ Օպաման չեն արձագանգած Հայ Դատի գրասենեակի բազմաթիւ գրաւոր դիմումներուն՝ հայ համայնքին հետաքրքրող հարցերուն վերաբերեալ իրենց տեսակէտները հրապարակայնօրէն ներկայացնելու հարցով: