Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած թուրք մտաւորական-պատմաբան եւ փրոֆէսէօր Թաներ Աքչամ Աւստրալիոյ մէջ պիտի ըլլայ Հայկական Հարցի քննարկման նուիրուած շաբթուան պատուոյ հիւրը:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է իրականացուի մարդոց համընդհանուր ջանքերով: Աւստրալիա այցս կը համարեմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին մէջ մեր ընդհանուր ջանքերուն մէկ մասը», նշած է պատմաբանը:
Ըստ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վահէ Ղահրամանեանի՝ Աքչամի անձն

ական փորձառութիւնը Աւստրալիոյ հայ համայնքին հետ, հզօր ուժ կը դառնայ հայկական հարցի քննարկման նուիրուած շաբթուան ընթացքին:
Թաներ Աքչամ առաջին թուրք գիտնականն է, որ հրապարակայնօրէն ճանչցած է եւ կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան 1988էն սկսած է աշխատելու Համպուրկի Ընկերային ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին մէջ: Այդտեղ է որ ան սկսած է հետաքրքրուելու Ցեղասպանութեան առնչուող հարցերով եւ այդ նիւթով ան 1996ին Հանովերի համալսարանին մէջ տոքթորական  իր թեզը պաշտպանած է:
«Մարդկութեան դէմ երիտասարդ թուրքերու յանցագործութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ցեղային զտումները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագիրով գիրքը, Ցեղասպանութեան նիւթով Աքչամի վերջին գործերէն է, որուն մէջ ան կը քննարկէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր յայտնագործութիւնները:
Հայկական հարցի քննարկման նուիրուած շաբաթը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերի 29էն Նոյեմբեր 2: Շաբաթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ միջոցառումներ, որոնց շարքին՝ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ամէնամեայ երեկոյթը: