Գերմանիոյ  վարչապետ Անկելա Մերքել կը մերժէ այդ առաջարկը, որովհետեւ, ըստ անոր, այդպիսի օրէնքի որդեգրումը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Գերմանիոյ առեւտրական գլխաւոր գործընկեր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ շուրջ 157 հազար բնակիչներ կը պահանջեն, որ իրենց երկիրը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը որդեգրէ:
Առաջարկը հրապարակուած է Գերմանիոյ վարչապետի կայքէջին վրայ, ուր Գերմանիոյ քաղաքացիները իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները կը յայտնեն երկրի ապագային վերաբերեալ: Ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը Հայկական հարցն է, ներկայ պահուս 156,870 գերմանացի կը պահանջեն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ժխտումը քրէականացնելու մասին օրէնք որդեգրուի:
Սակայն այս շաբաթ դիմումի քանի մը մասնակիցներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին Գերմանիոյ  վարչապետ Անկելա Մերքել մերժած է այդ առաջարկը, որովհետեւ, ըստ անոր, այդպիսի օրէնքի որդեգրումը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Գերմանիոյ առեւտրական գլխաւոր գործընկեր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ:
Վարչապետ Մերքել հայկական հարցին վերաբերող առաջարկը մերժելէ բացի, նաեւ մերժած է իսլամութեան աւելի քննադատաբար վերաբերելու առաջարկը, որ բաւական նուրբ նիւթ է Գերմանիոյ մէջ, ուր կը բնակին շուրջ չորս միլիոն մահմետականներ: