Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովը Յուլիս 5-9 Մոնաքոյի մէջ տեղի ունենալիք լիագումար նիստին, զեկոյց մը կը քննարկէ քաղաքական եւ ապահովութեան հարցերու ընդհանուր յանձնախումբին մէջ, «ԵԱՀԿ, փոփոխութեան տարածք» խորագրով, որ պիտի ներկայացուի Լիթուանիացի զեկուցաբեր տիկին Վիլիա Ալեքնայթէ Ապրամիքիենէի կողմէ։
Զեկոյցը կը ներառէ անվտանգութեան, պաշտպանութեան, հակամարտութիւններու եւ սպառնալիքներու մասին գլուխներ, սպառազինութիւններու վերահսկողութիւն եւ համացանցի անվտանգութիւն ու նման այլ հարցեր։
Զեկոյցին մէջ յատուկ նշում կատարուած է, անլոյծ եւ ձգձգուած հակամարտութիւններու. մասնաւորապէս նշուած է, «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ կեանքեր խլել շփման գծին վրայ, եւ լարուածութիւնը այս տարածաշրջանէն ներս տակաւին չափազանց բարձր է։ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ համատեղ, կþաշխատին խաղաղութեան ծրագրի մը մշակման ուղղութեամբ, եւ ներկայիս հիմնականին մէջ այս կողմերէն կախեալ է աշխատանքը՝ լուծելու հակամարտութիւնը եւ հասնելու համաձայնութեան մը։ Կարեւոր առաջին քայլ մըն է երաշխաւորել, որ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը յարգուի եւ դիպուկահարները քաշուին շփման գծէն»։
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը, անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր մշտական ամուր դիրքորոշումը, որ դիպուկահարները պէտք է քաշուին շփման գիծէն, որպէս վստահութեան շինիչ քայլ։ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը համաձայնած է, բայց Ատրպէյճանի մերժողական կեցուածքի պատճառով՝ խլուող անմեղ կեանքերու թիւը կը շարունակէ բարձրանալ։ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը անգամ եւս կը պահանջէ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովէն ուժեղ դիրքորոշում ցուցաբերել այս հարցին մէջ եւ պահանջել Ատրպէյճանի նախագահէն որ դիմէ այս քայլին, եւ հեռացնէ դիպուկահարները շփման գիծէն։
Զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է թէ, «կենսական է, որ ամբողջական հետաքննութիւններ կատարուին, երբ հակամարտութեան կապուած միջադէպեր տեղի կÿունենան»։
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Մենք ԵԱՀԿ խորհըրդարանական վեհաժողովէն կը պահանջենք ամուր քայլեր առնել, ինչ կը վերաբերին Ատրպէյճանի յարձակողական խափանիչ գործողութիւններուն, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, որոնց ականատեսն եղանք անցեալ ամիս, նոյն օրը երբ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլարի Քլինթըն տարածաշրջան կÿայցելէր»: