Յունաստանի տարածքին կազմակերպուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբը օրին հանդէս եկած էր, յայտնելով այն թեկնածուներուն անունները, որոնք անցեալին թէ ներկայիս անվերապահօրէն ընդառաջած են գաղութի կարիքներուն հասնելու մեր առաջարկներուն, փաստելով թէ լրջօրէն կը հետապնդեն մեր պահանջները՝ գործնական ու շօշափելի ձեւով:


Երկրի նորակազմ կառավարութենէն ներս, նախարարի պաշտօն ստանձնած են անոնցմէ ոմանք, մինչ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ երեսփոխանական դիրքեր գրաւած են:


Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութենէն՝
Օլղա Քեֆալոեանի ստանձնած է Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնը
Էվրիփիտիս Սթիլիանիտիս ստանձնած է ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը
Գոնսթանտինոս Արվանիթոփուլոս ստանձնած է Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարարի պաշտօնը
Սթավրոս Գալաֆաթիս ստանձնած է Միջավայրի եւ Ուժանիւթի  փոխ նախարարի պաշտօնը:
Երեսփոխաններ ընտրուած են նաեւ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Անասթասիոս Ներանծիս, Էլէնա Ռափթի, Գոնսթանտինոս Կիւլեքաս:
ՓԱՍՕՔէն՝ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս եւ ՏԻՄԱՐէն՝ Ֆոթիս Քուվելիս:
Պաշտպանութեան նախարար նշանակուեցաւ պրն. Փանոս Փանայոթոփուլոս: Լուրը զայրացուցած է թուրքերուն՝ տրուած ըլլալով որ անոնք «տուժած» են պրն. Փանայոթոփուլոսի նախկին գործունէութենէն, երբ իբրեւ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան պաշտպանութեան նախարարութեան խորհրդարանական հատուածի ղեկավար՝ անխնայ կը քննադատէր նախարարութիւնը, թրքական ամէնօրեայ սադրանքները դիմակայելու իր անկարողութեան համար:
Աւելին՝ յայտարարութենէն ետք թրքական ԶԼՄ-ները սկսած են ներկայացնել հատուծներ հարցազրոյցէ մը, որը ան ապահոված էր քիւրտերու ղեկավար Ապտուլահ Օչալանէն, երբ տակաւին լրագրութեամբ կը զբաղէր:
Ի դէպ՝ պրն. Փանայոթոփուլոս անցեալին մասնակցած է Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած կլոր սեղանի զրոյցի, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս:
Կարեւոր է նշել, նաեւ թէ կառավարական խօսնակ Սիմոս Քետիքօղլու Յոյն-Ռուսական գործակցութեան հիմնական պաշտպաններէն է: Իր կենսագրութեան մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք՝ թէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի որոշումով 2008ին ստացած է Փուշքին մետալը, յոյն-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ հզօրացման գծով: 2004-2011 թուականներու ընթացքին ան վարած է Յունաստան-Ռուսաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահի պաշտօնը:
Նշենք նաեւ, թէ անցեալին բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ պահուած են նաեւ Գիւղատնտեսութեան զարգացման փոխ նախարար Մաքսիմոս Խարոքոփուլոսի, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Թոտորոս Քարաօղլուի, Զարգացման նախարար Գոսթիս Խածիտաքիսի եւ արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հետ:

http://www.azator.gr/azad-or/yunahay-colony/2813-6-2012-