Մայիս 20ի Կիրակին, Ամերիկայի տա րածքին պիտի իրագործուի Հայ Դատի աշխատանքներուն ի նպաստ կազմակերպուող տարեկան թելեթոնը: Մինչ այդ, տարբեր շրջաններու մէջ ձեռնարկներ եւ հանգանակութիւններ կ"իրագործուին:


Այս ծիրէն ներս, Պըրպենքի «Արպաթ» ճաշարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պըրպենքի Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը, աւելի քան երեքհարիւր մասնակիցներով:
Երեկոյի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի երիտասարդ անդամուհիներէն Նանէ Շեհրազ, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ Հայ Դատի անվերջ աշխատանքներուն, որոնք անձնազոհութեան, հաւատքի եւ ժամանակի կը կարօտին՝ իրենց արդար աւարտին հասնելու համար:
Ապա, ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը՝ յանձինս Քալիֆորնիոյ 29րդ շրջանի ներկայացուցիչ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի, ինչպէս նաեւ 27րդ եւ 21րդ շրջաններու, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի, Լոս Անճելըսի, Պըրպենքի եւ Կլենտէյլի քաղաքապետարաններու, Հանրային վարժարաններու ուսումնական խորհուրդներու, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան, շրջանի կեդրոնական Հայ Դատի, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, նուիրատուներու եւ բազմաթիւ հիւրերու:


www.ancatelethon.org