Պրիւքսել, 6 Ապրիլ, 2012.- Եւրոնեսթի ժողովին ընթացքին որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 2-4 Պաքուի մէջ, անակնկալի չեկանք, երբ տեղեկացանք Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի ամբաստանութիւնները՝ ուղղուած Հայաստանի պատուիրակութեան եւ հայ ժողովուրդին։


Ալիեւ, հաւատարիմ իր անհեթեթ յայտարարութիւններուն, յաջողեցաւ ստեղծել դժգոհութեան եւ լարուածութեան մթնոլորտ մը ժողովի մասնակից բոլոր երեսփոխաններուն մօտ, որոնք կը գտնուէին Պաքու՝ քննարկելու համար ժողովրդավարութեան ամրապնդման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, տնտեսական բարեկարգումներու համակարգի ստեղծման եւ ուժանիւթային հարցեր։ Ականատես եղան սակայն, ազերի նախագահին յարձակողական եւ ոչ կառուցողական դիրքաւորման, որ հայերը կոչեց ցեղապաշտներ, բռնագրաւողներ եւ գերեզման պղծողներ, ջանալով ապակողմնորոշել ներկաները, իր երկրին մէջ տիրող կացութենէն, որ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման, ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան հիմնական ոլորտներէն ներս, միջազգային գետնի վրայ կը գտնուի ամենէն վարին ցուցակներուն մէջ։
Նկատի ունենալով Եւրոնեսթի հիմնադրութեան սկզբունքները, Ալիեւի կատարած զրպարտութիւններէն ետք, համանախագահող պուլկարացի ընկերվարական եւրոերեսփոխան Քրիսթիան Վիկենինը յայտարարեց, որ Եւրոնեսթը հիմնուած չէ լուծելու համար երկկողմանի հակամարտութիւններ եւ նման հարցերու օգտագործումը պիտի ունենար բաժանարար արդիւնքներ անդամ երկիրներուն միջեւ։ «Մենք պէտք է պայքարինք հաստատելու համար յաւելեալ վստահութիւն, հասկացողութիւն եւ երկխօսութիւն», ըսաւ ան։
«Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը, որ բազմաթիւ անգամներ զգուշացուցած էր Ատրպէյճանի նմանատիպ կեցուածքներուն մասին, կը նախատեսէր ազերի նախագահին յայտարարութիւնները եւ անկարողութիւնը՝ տեսնելու եւ ընդունելու ներկայիս իրողութիւնը։ Անգամ մը եւս, Ալիեւ հաստատեց թէ իր երկիրը տակաւին որքան երկար ճանապարհ պէտք է անցնի, հասնելու համար եւրոպական սկըզբունքներու որոշ մակարդակի մը», նշեց Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը։