Մինչեւ Ապրիլ 24՝ 1.500.000 «Like» ընենք, Եղեռնի զոհերու յիշատակին

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք Facebook ընկերային ցանցի միջոցաւ արշաւ մը սկսած է, ուր կոչուած են մասնակցելու բոլոր մեր հայրենակիցները եւ մեր օտար բարեկամները, որոնք համացանցը կ'օգտագործեն:

«1.5 Million Likes Before April 24» (1,5 միլիոն «like» (հաւանութիւն)՝ մինչեւ Ապրիլ 24) խորագրով ելեկտրոնային էջը բացուած է, որու նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ 1.5 մլն. like հաւաքելն է:

Նախաձեռնութեան անդամները կոչ կ'ուղղեն միանալ էջին եւ յարգել 1915 թուականի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը՝ անկախ ազգային պատկանելութենէ:

 Ներկայ թուականով էջը արդէն 11.776  «Like» հաւաքած էր 

http://www.facebook.com/15MillionGenocideSurvivors