Facebook ընկերային ցանցի միջոցաւ արշաւ մը սկսած է, ուր կոչուած են մասնակցելու բոլոր մեր հայրենակիցները եւ մեր օտար բարեկամները, որոնք համացանցը կ"օգտագործեն:
«1.5 Million Likes Before April 24» (1,5 միլիոն «like» (հաւանութիւն)՝ մինչեւ Ապրիլ 24) խորագրով ելեկտրոնային էջը բացուած է, որու նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ 1.5 մլն. like հաւաքելն է:
Նախաձեռնութեան անդամները կոչ կÿուղղեն միանալ էջին եւ յարգել 1915 թուականի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը՝ անկախ ազգային պատկանելութենէ:
Երէկուան թուականով էջը արդէն 5.954 «Like» հաւաքած էր: