Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահութիւնը ստանձնած է Գասպար Կարապետեան՝ նախկին ատենապետ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ԵՀԴՅ խորհուրդի անդամ:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր նախկին նախագահ՝ Հիլտա Չոպոյեանը, ընտրուած է Ֆրանսայի Րոն Ալփ մարզի Շրջանային Խորհուրդի անդամ: Իր նոր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու բերումով, տիկին Չոպոյեան հրաժարած է ԵՀԴՅ նախագահի իր պաշտօնէն:
Երեք տասնամեակներէ աւելի, Հիլտա Չոպոյեան գտնուած է Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս, առաջատար դիրքերու վրայ: Վերջին տասնամեակին՝ ան ծառայեց իբրեւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ: Իր գործակիցներուն հետ միասնաբար, ան աշխատեցաւ անձնուիրաբար եւ յաջողեցաւ ունենալ կարեւոր իրագործումներ, մեր ազգային հետապնդումներու մարզերէն ներս: Իր ներդրոմով է նաեւ՝ որ ԵՀԴՅ դարձաւ եւրոպահայութեան ձայնը եւրոպական հաստատութիւններէն ներս: