Վաղը՝ Յունուար 10ին, օրինագիծը պիտի քննարկուի խորհրդարանի Վերին պալատի յանձնաժողովին մէջ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի հաւանութիւն տուած է՝ երկրի խորհրդարանի Ստորին պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծին ընդունման:
Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցումով՝ օրինագիծը խորհրդարանի վերին պալատի յանձնաժողովը պիտի քննարկէ Յունուար 10ին, իսկ պալատի քննարկման պիտի ներկայացուի մինչ Յունուարի վերջ: Անոր ընդունուելու պարագային, պիտի ուղղուի նախագահ Սարքոզիին, որուն ստորագրելէն ետք անիկա օրէնքի ուժ պիտի ստանայ:
Օրէնքին համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը պիտի պատժուի մէկ տարուան ազատազրկումով եւ 45 հազար եւրօ տուգանքով:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կառավարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը մինչեւ Յունուարի վերջը Ծերակոյտի քննարկման պիտի դրուի: (Նիւթի մասին կարդալ 4-րդ էջ)