«Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը չի կրնար կանգ առնել: Որքան ալ Թուրքիան հզօր ըլլայ, միեւնոյնն է` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը դատապարտուած է շարունակման»
Լրագրողներու հետ երէկ կայացած հանդիպման ընթացքին այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը: Անոր խօսքերուն համաձայն` Թուրքիան շատոնց տանուլ տուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, լրատուական, ակադեմիական եւ գիտական ասպարէզներու մէջ:
«Տաս տարի առաջ Ֆրանսան հրապարակայնօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Տաս տարուան ընթացքին Թուրքիան կը գտնուի անընդմէջ ցնցումներու մէջ, դեսպաններ կ'ուղարկէ, կը յոխորտայ: Անով Թուրքիան կը նուաստանայ միջազգային հանրութեան առջեւ երբեմն մանկամիտ, երբեմն վայրագ յանցագործին վայել գործելաոճով»,- յայտնեց Հայկ Դեմոյեան:
Ցեղասպանութեան ժխտումը եւրոպական երկրներու մէջ պէտք է ըլլայ պատժելի, քանի որ ժխտումը ցեղապաշտական մօտեցում է եւ կը վիրաւորէ ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու յիշատակը:
Հայկ Դեմոյեան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի համար ստեղծուած է պետական յանձնաժողով, որուն նախագահը ինքնին ՀՀ նախագահն է: «Պիտի կատարուին շարժական ցուցադրութիւններ, շարժական շուրջ 30 թանգարաններու բացում աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ՝ մօտակայ երեք տարիներու ընթացքին, այդ ձեւով Ցեղասպանոււթեան թեման պիտի լուսաբանուի նորովի, նոր մօտեցմամբ»,- ըսաւ Հայկ Դեմոյեան: