Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը նոր թափ կը հաղորդէ Արցախի ճանաչման գործընթացին:
Այս մասին, ըստ Armenpress.amի, ըսած է Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէ
միրճեան: «Մեզի համար Արցախի ճանաչումը աշխատանքային թիւ մէկ հարցն է: Այդ սկզբունքէն մեկնելով` Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբը կը շարունակէ եւրոպական տարբեր շրջանակներու մէջ բարձրացնել Արցախի հարցը:
Աշխատանքներ կը տարուին թէ՛ դէպի Եւրոպա Արցախի պաշտօնեաներու այցին, թէ՛ քայլեր կը ձեռնարկուին եւրոպացի պաշտօնեաներու այցը Արցախ կազմակերպելու ուղղութեամբ»,- ըսած է Պետօ Տէմիրճեան: Անդրադառնալով Պելճիքայի պատգամաւորական խումբի վերջին այցին Արցախ` Պետօ Տէմիրճեան նշած է, որ տպաւորութիւնները դրական են: Եւրոպացի պատգամաւորները հնարաւորութիւն ունեցան տեղւոյն վրայ ծանօթանալու Արցախի հիմնախնդիրին, ինչպէս նաեւ տեսնելու, թէ ինչպէս կը զարգանայ Արցախը:
«Պատգամաւորական խումբին այս վերջին այցելութենէն ետք կրնանք արձանագրել, որ Պելճիքայի պատգամաւորներուն մէջ Արցախի դիրքերը կ՝ամրանան: Անոնք պատշաճ ձեւով տեղեկացուեցան Արցախի խնդիրին վերաբերեալ: Յառաջիկային ալ պիտի շարունակենք աշխոյժ աշխատանքը»,- ըսած է Պետօ Տէմիրճեան:
Պետօ Տէմիրճեան կարեւոր համարած է նաեւ սպասուող Երեւան–Պրիւքսէլ ուղիղ չուերթի իրականացումը, որ նախատեսուած է մինչեւ տարեվերջ: