Յուլիս 5ին, Հայոց Ցեղասպանութեան օրակարգով, բաց քննարկում տեղի պիտի ունենայ Իսրայէլի Քնեսէթին մէջ: Այդ մասին յայտնած է յայտնի պատմաբան, ցեղասպանագէտ Եաիր Աուրոն՝ «Զօրեան Հիմնարկ»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին,- կը հաղորդէ
Ըստ անոր՝ Իսրայէլ նախապէս ձեռնպահ կը մնար Հայոց Ցեղասպանութեան հանրային քննրակումներէ եւ ազատ քուէարկութենէ` չցանկանալով վանել թրքական կառավարութիւնը, որուն կը համարէ Ա.Մ.Ն.ի առանցքային դաշնակից:
Յուլիս 5ի քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումէն մօտ մէկ ամիս անց:
«Քննելով վերջերս Պունտեսթակի ընդունած բանաձեւը` կարելի է քանի մը կարեւոր երեւոյթ առանձնացնել: Ժամանակակից Թուրքիան մեղաւոր չէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, սակայն Օսմանեան Կայսրութեան բոլոր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն օրինական իրաւայաջորդն է:
Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փոխարէն՝ Թուրքիոյ իւրաքանչիւր յաջորդ ղեկավար ամէն ինչ կ՛ընէ փաստերը խճճելու եւ ժխտելու համար: Բացի այդ, Թուրքիան, օգտագործելով իր զգալի աշխարհաքաղաքական, ռազմական ու տնտեսական լծակները` կ՛ազդէ այլ երկիրներու վրայ, կը ստիպէ պարտադրել անոնց՝ միանալու ժխտողական քաղաքականութեանը»,- ըսած է Աուրոնը:
«Ժամանակն է, որ Իսրայէլը պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ամէն տարի այս ժամանակ Քնեսէթը քննարկումներ կ՛իրականացնէ այդ հարցի շուրջ: Կան կարող ձայներ, սակայն կառավարութիւնը թոյլ չի տար սկսելու քուէարկութեան: Թող այս տարին տարբեր ըլլայ:
Թող Քնեսէթի մէջ ազատ քուէարկութիւն անցնի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կամ ժխտելու վերաբերեալ»,- ըսած է գիտնականը: