­Քոնկ­րէ­սա­կան­ներ ­Տէյ­վիտ ­Վա­լա­տաօ (R-CA) եւ ­Ճիմ ­Քոս­թա (D-CA) ող­ջու­նած են Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պի ­Հա­յաս­տան այ­ցը` շեշ­տե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր ա­նոր այ­ցի կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­մաշ­խար­հա­յին նշա­նա­կու­թիւ­նը,- կը յայտ­նէ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը:

Ս. ­Պա­պի հա­յաս­տա­նեան այ­ցի նա­խօ­րէին հրա­պա­րա­կո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, ­Քոս­թա ­Պա­պին ա­նո­ւա­նած է «կա­թո­լիկ աշ­խար­հի բա­րո­յա­կան կողմ­նա­ցոյց» ու նշած, որ «նոյն այդ բա­րո­յա­կան հիմ­քով ­Նո­րին ­Մե­ծու­թիւ­նը ի­րա­ւամբ ճանչ­ցած է ­Հա­յաս­տա­նը որ­պէս քրիս­տո­նէու­թիւն ըն­դու­նած ա­ռա­ջին պե­տու­թիւն եւ բարձրա­ձայ­նած մեր ժա­մա­նակ­նե­րու բա­րո­յա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին: ­Պա­պի ­Հա­յաս­տան այ­ցը եւս մէկ ա­պա­ցոյց է հայ ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ ա­նոր սրտա­ցաւ վե­րա­բեր­մուն­քի մա­սին»: Անդրա­դառ­նա­լով 2015ին` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին ­Պա­պի ե­լոյ­թին, ո­րով ան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կո­չեց 1915ին կա­տա­րո­ւած ող­բեր­գու­թիւ­նը, քոնկ­րէ­սա­կան ­Քոս­թա կոչ կ­՚ը­նէ, որ «նա­խա­գահն ու ­Քոնկ­րէ­սը հե­տե­ւին Ֆ­րան­չի­կոս ­Պա­պի օ­րի­նա­կին ու վեր­ջա­պէս ճանչ­նան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:

­Քոնկ­րէ­սա­կան ­Վա­լա­տաօ, որ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն. Ճշմար­տու­թիւն + ար­դա­րու­թիւն» ( H.Res.154) բա­նա­ձե­ւի ա­ռա­ջա­տար հո­վա­նա­ւոր­նե­րէն է` դե­մոկ­րատ Ա­տամ ­Շի­ֆի, Ֆ­րանք ­Փա­լո­նի (D-NJ) ու ­Ռա­պըրթ ­Տոլ­տի (R-Il) հետ միա­սին, ող­ջու­նած է ­Պա­պի ո­րո­շու­մը` այ­ցե­լե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր.- «­Կա­րե­ւոր է, որ աշ­խար­հի ա­ռաջ­նորդ­նե­րը շա­րու­նա­կեն ու­շադ­րու­թիւն դարձնել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սար­սա­փե­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կա­տա­րո­ւած են 100 տա­րի ա­ռաջ»,- բա­ցատ­րած է ­Վա­լա­տաօն: «­Մինչ մենք կը շա­րու­նա­կենք աշ­խա­տիլ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին H.Res. 154 բա­նա­ձե­ւի վրայ, ես յոյս ու­նիմ, որ Հ­ռո­մի ­Պա­պի այ­ցը ու յար­գան­քի մա­տու­ցու­մը զո­հե­րու յի­շա­տա­կին խա­ղա­ղու­թիւն ու սփո­փանք պի­տի բե­րեն հայ հա­մայն­քին»։

Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նախմ­բի ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ կեդրո­նա­կան գրա­սե­նեա­կէն ­Փոլ ­Ջա­մու­շեան ող­ջու­նած է այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը` նշե­լով, թէ «­Հայ ­Դա­տի ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեա­կը կը միա­նայ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յե­րուն եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ քոնկ­րէ­սա­կան­ներ ­Վա­լա­տաո­յին ու ­Քոս­թա­յին, ո­րոնք ի­րենց ազ­դե­ցիկ ձայ­նը կը բարձ­րաց­նեն` սե­փա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կոչ ը­նե­լով հե­տե­ւե­լու Հ­ռո­մի ­Պա­պի բա­րո­յա­կան օ­րի­նա­կին` մար­տահ­րա­ւէր նե­տե­լու ընդ­դէմ ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ճշմար­տու­թեան ու ար­դա­րու­թեան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան»: