«Ի նթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Հարաւային Օսեթիոյ խորհրդարանի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, թէ Հարաւային Օսեթիոյ խորհրդարանը իր յառաջիկայ նիստին պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
«Հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ոճիրի, ցեղասպանութեան ճանաչումը Հարաւային Օսեթիոյ օրէնսդիր մարմինին մէջ քննարկուած է տակաւին անցեալ տարի, սակայն
հայ համայնքի պաշտօնական դիմումը խորհրդարանը ստացած է 14 Յունիսին»,- խորհրդարանի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են «Ինթըրֆաքս»ին:
Գործակալութեան զրուցակիցը ճշդած է, որ հարցը յա-ռաջիկայ նստաշրջանի նիստին պիտի ներկայացուի օ- րէնսդրութեան քննարկման՝ օրինականութեան եւ տեղական ինքնակառավարման յանձնաժողովի ղեկավար Օլեսիա Քոչիեւայի կողմէ:
«Անջատ երեսփոխաններ կը նշէին, որ Հայաստան եւս պէտք է ճանչնայ օս ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, սակայն ատիկա սկզբունքային չէ: Սկզբունքայինը այն է, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչները հարաւ-օսական հասարակութեան լիիրաւ անդամներն են, անոր բազմաթիւ ներկայացուցիչները կռուած են մեր հան-րապետութեան ազատութեան եւ անկախութեան համար, մեզի հետ կրած են պատերազմական տարիներու դժուա- րութիւնները, իսկ անոնցմէ ոմանք յետնորդներն են այն հայերուն, որոնք փրկուած են ցեղասպանութենէն»,- նշած են մամլոյ ծառայութենէն:
Երեսփոխաններու կարծիքով՝ եթէ օրէնսդիրները դրական որոշում որդեգրեն, ապա «պիտի վերականգնի պատմական ու մարդկային արդարութիւնը եղբայր ժողովուրդի մը նկատմամբ, որ Հարաւային Օսեթիոյ ժողովուրդին նման ապրած է ցեղասպանութեան սարսափը»: