altՀայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինը կը հաղորդէ, որ 9 Յունիսին Սպանիոյ Մերիտա քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուած բոլոր չորս քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած են հայկական «Արարատ» միութեան միջնորդագիրին:
Որդեգրուած յայտարարութիւնը 1915-23 թուականներու իրադարձութիւնները կ՛որակէ իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն եւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: