altՅունիս 8ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Պրիւքսէլի մէջ Հայ Դատի գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած է Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներուն հետ` կառոյցի նախագահ Գասպար Կարապետեանի

գլխաւորութեամբ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք կապերուն եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ արժեւորած է Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի գործունէութիւնը համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն լուծման եւ Արցախին մշտապէս սատարելու ուղղութեամբ` նշելով, որ անոր շնորհիւ բազմաթիւ կարեւոր հարցեր կը ստանան արդիւնաւէտ լուծում: