altԱ.Մ.Ն. Քոնկ­րէ­սի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տի ար­տա­քին հար­ցե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Էտ Ռոյս եւ յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ Պ­րետ Շեր­ման բաց նա­մա­կով դի­մած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վար Պա­րաք Օ­պա­մա­յին` կոչ ուղ­ղե­լով ճնշում գոր­ծադ­րել

Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւին վրայ` կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հար­ցը:

Հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ Մար­տի վեր­ջը Ա­լիեւ պի­տի այ­ցե­լէ Ո­ւա­շինկ­թըն` մաս­նակ­ցե­լու Մի­ջու­կա­յին գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը կոչ կ’ուղ­ղեն Օ­պա­մա­յին օգ­տո­ւե­լու իր գոր­ծըն­կե­րոջ այ­ցէն ու ան­ձամբ ճնշում գոր­ծադ­րե­լու ա­նոր վրայ։

Նա­մա­կը պատ­րաս­տո­ւած է Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տի 85 ա­նդամ­նե­րու կող­մէ Ա.Մ.Ն.ի պե­տա­կան բա­ժան­մուն­քին ուղ­ղո­ւած բաց նա­մա­կին վրայ: Այն­տեղ կոչ կ’ուղ­ղո­ւէր սահ­մա­նա­գի­ծէն հե­ռաց­նե­լու դի­պու­կա­հար­նե­րը, ծանր զրա­հա­տեսակ­նե­րը, տե­ղադ­րել կրա­կի ար­ձակ­ման յստակ վայ­րը ճշդող հա­մա­կար­գեր, ինչ­պէս նաեւ սահ­մա­նագ­ծի վրայ ա­ւելցնել Ե.Ա.Հ.Կ. մշտա­դի­տար­կող­նե­րուն թի­ւը` հրա­դա­դա­րի խախտ­ման դէպ­քե­րու ար­ձա­նագրու­թեան հա­մար:

«­Մենք կը միա­նանք Էտ Ռոյ­սի ու Պ­րետ Շեր­մա­նի Օ­պա­մա­յին ուղ­ղո­ւած կո­չին, ըստ ո­րուն, նա­խա­գա­հը պէտք չէ կորսնց­նէ այս բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը՝ Լ.Ղ. հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ա­ռա­ջարկ­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար»,- նշած է Ա.Մ.Ն.ի Հայ Դա­տի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ Ա­րամ Համ­բա­րեա­նը: